Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԹՈՒՐՔԻԱ – Սահմանադրական ատեանը երկու դատավճիռ արձակած է հայապատկան կալուածներու մասին

Մէկը՝ Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցի,

միւսը՝ Վագըֆգիւղի հիմնադրամին պատկանող կալուած է

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա» – Սահմանադրական ատեանի արձակած երկու կարեւոր դատավճիռներ հրատարակուեցան Պաշտօնաթերթին եւ օրէնքի ուժ ստացան ի նպաստ հայ համայնքին, որովհետեւ առնչութիւն ունին հայ համայնքի սեփականութեան իրաւունքին հետ: 

Ի՞նչ է խնդիրը։ 

Սահմանադրական ատեանի բարձրագոյն խորհուրդը քննարկած է Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հիմնադրամին (վագըֆ) պատկանող կալուածի մը եւ Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրամին պատկանող կալուածի մը մասին արձակուած դատավճիռները եւ եզրայանգում կատարած է, հաստատելով որ համայնքապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքի հարցով արձանագրուած են խախտումներ. այդ կալուածները չեն վերադարձուած խնդրոյ առարկայ հիմնադրամներուն: Այժմ Սահմանադրական ատեանը 27 Հոկտեմբերին արձակուած վճիռով որոշած է, որ խախտուած են Սահմանադրութեան 35-րդ յօդուածով երաշխաւորուած սեփականութեան իրաւունքները:

Վագըֆգիւղի եկեղեցւոյ հիմնադրամին պատկանող քանի մը տասնեակ անշարժ կալուածներու, Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հիմնադրամին պատկանող 5 անշարժ կալուածներու հարցով 2008 թուականին դատ բացուած էր, երբ վերոյիշեալ կալուածները արձանագրուած էին Գանձապետարանի անունով: Դատերը մերժուած էին, ուստի խնդիրը տեղափոխուած էր Սահմանադրական ատեանի հարթակ:

Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրամի պարագային, Սահմանադրական ատեանի բարձրագոյն խորհուրդը որոշած է կալուածի մը առնչութեամբ դատավարութիւն սկսիլ Հաթայի Ա. վարչական դատարանին մէջ:

Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցի կալուածներու պարագային ալ դատավարութիւնը պէտք է կայանայ Պոլսոյ 15-րդ հիմնական դատարանին մէջ: