Ազերպայճանական Trend լրասփիւռին համաձայն՝ NTV հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին, Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, թէ Իրանի որոշ հայանպաստ յայտարարութիւնները կը մտահոգեն թէ՛ զիրենք եւ թէ՛ Պաքուն։ Ան աւելցուցած է, թէ այդ հարցը կը քննարկուի իրանական կողմին հետ։
Նշենք, թէ նախորդ օր Թեհրան յայտարարած էր, թէ պիտի հակազդէ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական որեւէ փոփոխութեան։