Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն կը տեղեկանանք, թէ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Բ. արք. Մաշալեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։
Նորին Ամենապատւութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պիտի մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին՝ բարձր նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին։