Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Թուրքիոյ պատգամը Հայաստանին.– «Եթէ չտրամադրէք “Զանգեզուրի միջանցքը”, ձեր վրայ կը զգաք “եղբայրական բռունցքը”»

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար անգամ մը եւս  լաւագոյնս ցոյց տուած է «խաղաղութեան» թրքական ընկալումը։

“Թուրքիոյ կամ Ազերպայճանի հասցէին որեւէ սպառնալիք կամ գրգռութիւն՝ անկախ անոր աղբիւրէն, կը նկատուի ընդհանուր մարտահրաւէր եղբայրական երկիրներուն”,– ըսած է ան՝ դիմելով թուրք-ազերպայճանական «եղբայրական բռունցք» ռազմափորձերու մասնակիցներուն։  Լուրը հաղորդած են թրքական լրասփիւռները։

Աքար անուղղակիօրէն հաստատած է Անգարայի մասնակցութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ազերպայճանի յարձակումին․ “Միջազգային հանրութիւնը ականատես եղաւ մեր միասնականութեան՝ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ, որու հետեւանքով «հայկական բազմամեայ բռնագրաւումէն» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) ազատագրուեցան Ազերպայճանի պատմական հողերը: Մենք պէտք է շարունակենք մեր ջանքերը ՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման”։

Ան կոչ ըրած է փակելու տարածաշրջանի հակասութիւններու եւ ատելութեան էջը, սկսելու ընդհանուր ապագայ կառուցել միջազգային իրաւունքի չափանիշերու յարգանքի հիման վրայ: “Անկեղծօրէն կը յուսանք, որ Հայաստան անպատասխան չի ձգեր Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի խաղաղութեան ձեռքը”,– ըսած է Աքար եւ ընդգծած Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային հաղորդակցութեան, այդ կարգին՝ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացման կարեւորութիւնը։

Փաստօրէն Թուրքիոյ Պաշտպանութեան նախարարը խաղաղութեան կոչ ընելու քօղին տակ կրկին սպառնալիք կը հնչեցնէ Հայաստանի հասցէին՝ «Եթէ չտրամադրէք “Զանգեզուրի միջանցքը”, ձեր վրայ կը զգաք “եղբայրական բռունցքը”»։