Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Ժանսեմ. կենդանի գծի վարպետը» 

Ֆրանսահայ նշանաւոր նկարիչին 105-ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւն Երեւանի մէջ

Յուլիս 24-ին, Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուած է ֆրանսահայ նշանաւոր նկարիչ Ժան Ժանսեմի ծննդեան 105-ամեակին նուիրուած «Ժանսեմ. կենդանի գծի վարպետը» խորագրով ցուցադրութեան։

Բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, նախարարի տեղակալներ Ալֆրետ Քոչարեան եւ Արթուր Մարտիրոսեան, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, արուեստագէտներ, մշակոյթի գործիչներ, հիւրեր, արուեստասէրներ:
Նախարար Անդրէասեան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի ազգային պատկերասրահի անձնակազմին՝ անոր շարունակական եւ հետեւողական աշխատանքի համար:

Նախարարուհին իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է Ժանսեմի ստեղծագործական ժառանգութեան ծանօթանալու կամ վերստին ծանօթանալու կարելիութեան ընձեռումը. “Ժանսեմի արուեստը ոչ ոքի չի կարող անտարբեր թողնել։ Սա զգացողութիւնների այնպիսի ամբողջութիւն է, որին իւրաքանչիւրը իւրովի է արձագանգում։ Վստահ եմ՝ այսօր կը կարողանանք իւրաքանչիւրս մեր արձագանգն ու առնչութիւնն ունենալ: Սա նաեւ ընկերային արուեստի այն կարեւոր իւրայատկութիւնն է, որը մեզ թոյլ է տալիս անձնական փորձառութիւնների միջոցով խօսել հանրային կարեւոր խնդիրների մասին”,– նշած է ան:

Ժաննա Անդրասեան շեշտը դրած է նաեւ ֆրանքեւհայկական մշակութային համագործակցութեան խորացման վրայ ու շնորհակալութիւն յայտնած Ֆրանսային՝ ի դէմս Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան՝ շարունակական համագործակցութեան եւ ներդրած ջանքերուն համար:

“Յոյսով եմ՝ մեր դպրոցականներն արձակուրդների ընթացքում, ինչպէս նաեւ դրանից յետոյ կը ծանօթանան այս ցուցադրութեանը, որովհետեւ արուեստի հետ հաղորդակցումը պէտք է լինի կրթութեան կարեւոր մաս”,– ըսած է ան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են նաեւ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, Հայաստանի ազգային պատկերասրահի տնօրէն Մարինա Յակոբեան, ցուցադրութիւնը համադրողներ Նունէ Թադէոսեան եւ Վիգէն Գալստեան:

Նախարար Անդրէասեան տնօրէն Մարինա Յակոբանի ուղեկցութեամբ շրջած է սրահը, ծանօթացած ցուցադրուած աշխատանքներուն, որոնք ընտրուած են Ժանսեմի՝ Հայաստանին նուիրաբերած հարուստ հաւաքածոյէն՝ ընդգծելով արուեստագէտին կապը հայրենի մշակոյթի ու Հայաստանի հետ։

Ցուցադրութեան ներկայացուած է Ժանսեմի աւելի քան 120 աշխատանք, որոնք ի մի կը բերեն արուեստագէտին 1960-80-ականներու գծագրական ստեղծագործութեան հիմնական թեմաները։ Ցուցահանդեսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Հոկտեմբեր 25:

Ֆրանսահայ նշանաւոր նկարիչ Ժան Ժանսեմի (Յովհաննէս Սեմերճեան, 1920-2013) ստեղծագործական ուղին մարդկային ու ընկերային տարրերով խորապէս յագեցած պատմութիւն է, որ անհերքելի շաւիղ հանդիսացած է 20-րդ դարու երկրորդ կէսի ֆրանսական եւ սփիւռքահայ մշակոյթին համար։ Իր աշխատանքներուն մէջ Ժանսեմ կեդրոնացած է հասարակութեան ամէնէն խոցելի խումբերու պատկերման վրայ։ Անոր գործերու առանցքային դերակատարներն են աղքատները, կիները, երեխաներն ու ծերերը, ինչպէս նաեւ առօրեայ կեանքի ծէսերէ ու առարկաներէ ներշնչուած բնաբանները։

Խմբագրական