Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ի՞նչ սպասել Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհիին Երեւան այցէն

Հայաստանին զօրակցութիւն յայտնելը, ներկայ ամէնօրեայ ռազմական գրգռութիւններու իրադրութեան մէջ օգտակար նախնական քաղաքական քայլ է. Արցախը շրջափակումէն ազատելու կոչերը՝ նոյնպէս։ Թէեւ կոչերը ազդեցիկ միջոցներ չեն Ազերպայճանի դիրքորոշումը փոխելու։ Երբ խօսքը ապարդիւն կը մնայ, բնական է, որ աւելի խիստ միջոցներ ձեռք առնուին։ Բայց չեն առնուիր։ Ի՞նչն է որ կը խանգարէ՝ պետութիւններու ռազմավարական շահերը։ 

Ողջունելի է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհի՝ Եաէլ Պրաուն-Փիվէի Հայաստան այցը, որ խօսքէն անդին, Հայաստանին զօրակցութիւն յայտնելու գործնական քայլ էր։ Մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք Ֆրանսայի խորհրդարանի երկու ատեաններու՝ ազերական յարձակումները դատապարտող եւ ֆրանսական կառավարութենէն գործնական միջամտութիւններ պահանջող բանաձեւի միաձայն քուէարկութիւնը, Ազգային ժողովի ղեկավարին այցը աւելի գրաւիչ կը դարձնէր։ 

Ինչպէս մօտ անցեալին ԱՄՆ-ու Ներկայացուցիչներու պալատի բանբեր՝ Նանսի Փելոզիի այցի պարագային,– որ Սեպտեմբեր 13-ի ազերական յարձակումին յաջորդեց,– զօրաւոր ազդանշան էր ուղղուած Ազերպայճանին եւ քաղաքական յատկանշական պատգամ՝ ուղղուած Հայաստանի քաղաքական դասուն, տարածաշրջանին մէջ Ռուսաստանի գերակշռութիւնը նուազեցնելու առումով։ Թէեւ Փելոզիի այցը հայ հանրութեան մօտ մեծ յոյսեր արթնցուց, սակայն ռազմաճակատին վրայ հիմնական փոփոխութիւն չյառաջացուց։ Ընդհակառակն, հիասթափութիւն կը պատճառէ տեսնել, որ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան յորդորները ապարդիւն մնացին։ Ազերպայճան տակաւին կը մնայ իր գրաւած դիրքերուն վրայ։ Կը շարունակէ ռազմատենչ ու հայատեաց քարոզչութիւնը. սահմանային միջադէպերը՝ նոյնպէս, կը շարունակուին, թէեւ նուազ ուժգնութեամբ. 2020-ի պատերազմի ռազմագերիներու յանձնումի քայլ չ՚առնուիր. պատերազմական ոճիրները բացայայտելու ուղղութեամբ քննութիւններ չեն կատարուիր, հայկական մշակութային արժէքները կը ձեւազերծուին եւ վերջապէս, նոր յարձակում կը կատարուի Արցախի վրայ, բնապահական պատրուակով։ Եւ աւելին, Ազերպայճան ԱՄՆ-ու համար ռազմավարական գործընկեր կը դասուի. Հայաստանին տրամադրուած տարեկան նպաստէն աւելի օգնութիւն կը ստանայ… Եւրոպական յանձնախումբը՝ նոյնպէս, Ալիեւը վստահելի գործընկեր կը սեպէ… 

Պրաուն-Փիվէի այցը Հայաստան տեղի ունեցաւ Արցախի շրջափակման պայմաններուն մէջ, եւ հակառակ բոլորին սպասումներուն՝ Պրաուն-Փիվէ Հայաստանի մէջ Հայերուն ականջին հաճոյախօսութիւն չկատարեց։ Նոյնիսկ, անտեսելով Ֆրանսայի խոր-

հըրդարանի բանաձեւին տրամադրութիւնները, շեշտը դրաւ երկխօսութեան կարելիութիւնները գործածելու վրայ եւ ամէնէն անհաւատալին՝ բացառեց Արցախի հանրապետութեան ճանաչումը, ըստ միջազգային օրէնքի՝ Արցախը դիտարկեց իբրեւ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան մաս։

Որքան ալ անհաճոյ ըլլայ այս խօսքերը լսելը, մերկ ճշմարտութիւնը աւելի՛ թանկագին է, քան՝ ականջահաճոյ կեղծ փաղաքշանքը։ Հայաստանի իշխանութիւնները արդէն երկար ժամանակ է, որ կը յայտարարէին Արցախի հանդէպ նշաձողը իջեցնելու միջազգային հանրութեան պահանջին մասին։ Այսօր, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհիին բերնէն հնչեց այդ խօսքը։ Ֆրանսայի, զոր Հայաստանի հանրութեան զգալի մասը կը համարէ Հայութեան ամէնէն մտերիմ բարեկամը։

Այս բոլորով հանդերձ, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահուհիին այցը տեղի ունեցաւ ֆրանսական երկու նախաձեռնութիւններու Ալիեւի կողմէ տապալումէն ետք. Դեկտեմբեր 7-ի պրիւսէլեան քառակողմ հանդիպումի ջնջումը եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահի յայտարարութեան արգելակումը։ Ֆրանսական կողմը բարձրաձայն յայտարարելով միջազգային իրաւունքի յարգանքը, ընդունելով Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան սկզբունքը, կ՚ուզէ վերահաստատել միջնորդի իր դերը եւ պարտադրել Հայաստանի սահմանին Եւրոպական Միութեան մշտադիտարկման քաղաքացիական խումբի մը տեղակայումը, կանխելու համար հետագայ ազերական լայնածաւալ յարձակում մը։ Այս քայլը ներկայ դրութեամբ Հայաստանի օգնութեան հասնելու միակ հնարաւոր ուղին կը թուի ըլլալ, նկատի առնելով ռուսական ռազմական ներկայութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։

Ժ.Չ. ■