Մայիս 28-ին, բացումը կատարուած է «Ինտոնեզիոյ նորաձեւութեան շաբաթ»-ին, որուն առաջին անգամ՝ իբրեւ յատուկ հրաւիրեալ մասնակցած է Հայաստան։
«Տէրեան մշակութային կեդրոն»-ի ղեկավար Լիլիթ Մելիքեան (Tarazart) եւ իր աշակերտները՝ Հայկուհի Կարապետեան (Dzzec) ու Անգելինա Քարամեան (Atelier +374) բացման արարողութեան հանդէս եկած են հայկական աւանդական եւ ժամանակակից տարազներով՝ արժանանալով տեղացի ու օտար հանդիսատեսի եւ այդ մարզի մասնագէտներու ջերմ ընդունելութեան։
Շաբթուան ընթացքին այս առթիւ բացուած հայկական տաղաւարին մէջ ալ ներկայացուած են հայ վարպետներու ձեռային աշխատանքները, արհեստագործական արտադրութիւնները, ազգային ոճով զարդեր և նորաձեւութեան նմուշներ։ Այցելուները առիթը ունեցած են շփուելու հայ ձեւաւորողներու հետ եւ ծանօթանալու մեր մշակութային արժէքներուն։
Նշենք, թէ սոյն ձեռնարկին հայկական պատուիրակութեան մասնակցութիւնը ապահոված է Ինտոնեզիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը, աջակցութեամբ՝ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան եւ «Յովնանեան» հիմնադրամին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։