Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՍՐԱՅԷԼ – Փեթախ Թիքվա քաղաքի հանրապարտէզը վերանուանուած է Շառլ Ազնաւուրի անունով

Թել Ավիվի հիւսիս-արեւելեան շրջանը գտնուող Փեթախ Թիքվա քաղաքի հանրապարտէզը վերանուանուած է Շառլ Ազնաւուրի անունով։ Լուրը հաղորդած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը։ Այս կապակցութեամբ որոշումը միաձայնութեամբ ընդունած էր տեղւոյն քաղաքային խորհուրդը։

Ապրիլ 2-ին տեղի ունեցած բացման արարողութեան Պատրիարքութեան կողմէ մասնակցած են դիւանապետ Աղան աբեղայ Գոգչեան, Վազգէն աբեղայ Ալեքեան։

Հանրապարտէզին մէջ զետեղուած յուշաքարին վրայ արձանագրուած է.

«Շառլ Ազնաւուր (1924-2018)․ երգիչ, երգահան, դերասան, ֆրանսացի համաշխարհային շանսոնիէ, որ իր կեանքը նուիրած է իր հայրենիք Հայաստանին եւ արժանացած՝ Ազգային հերոսի կոչումին: Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին Ազնաւուրեան ընտանիքը բնաջնջումէ փրկած է տասնեակներով հրեայ ընտանիքներու կեանքը»: