Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Իսրայէլական բանակը տեղակայուած է Ազերպայճանի՝ Իրանի հետ սահմանին»

 

Օդանաւորդութեան եւ օդանաւերու բնագաւառին մէջ մասնագիտացած avia-pro կայքէջը, որ ծանօթ եւ տարածուած է յատկապէս Ռուսաստանի եւ յետխորհրդային երկիրներու մէջ, Սեպտեմբեր 24-ին կը գրէր, թէ  իսրայէլական բանակը կը գտնուի Իրանի հետ սահմանէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։

Avia-pro այս մասին կ՚ըսէ.-

«Արդէն քանի մը ամիս է, որ Իրանի հետ սահմանին իսրայէլական բանակի ներկայութիւնը հաստատուած է։ Այդ ներկայութիւնը յայտնաբերուած է հաղորդակցութիւններու գաղտնալսումով։ Բացի ատկէ, իսրայէլական բանակը ռազմական ելեկտրոնային հզօր համակարգերով կը խանգարէ իրանական նաւատորմին եւ Ազերպայճանի սահմանին մօտ տեղակայուած շարք մը ռազմակայաններու բնականոն գործունէութիւնը։ Այս մասին տեղեկութիւններ հաղորդեց իրանցի լրագրող Խայալ Մուազզին։

Ինչպէս կ՚երեւի ներկայացուած տուեալներէն, վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին իսրայէլական բանակը, մղելով ելեկտրոնային պատերազմ, Իրանի մէջ խանգարած է GPS ազդանշանները եւ ելեկտրոնային պատերազմ վարած՝ իրանական ռազմանաւերուն դէմ, Կասպից ծովուն մէջ։ Աւելին, հաղորդակցութիւններու գաղտնալսման շնորհիւ պարզուած է, որ խօսքը իսրայէլական բանակի մասին է։ Սա, իսրայէլական ռազմական օդանաւերու Ազերպայճան կատարած քանի մը թռիչքներու շրջածիրին մէջ, կը վկայէ որ՝ Ազերպայճան աշխուժօրէն կը նպաստէ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակին Իրանի սահմաններուն մօտ ներկայութեան։

“Հիմա արդէն գրեթէ մէկ ամիս է, որ Կասպից ծովու Ազերպայճանի առափնեայ գօտիին մօտէն անցնող իրանական նաւերու GPS-ը կը խանգարուի։ Գաղտնալսման ժապաւէններուն վրայ քանի մը անգամ եբրայերէն խօսակցութիւններ կային”,– ըսած է իրանցի լրագրողը։

Ամենայն հաւանականութեամբ, այս փաստին հետ կապուած է իրանական զօրքերու անմիջական ներկայութիւնը Ազերպայճանի հետ սահմանին, քանի որ անցեալին բազմիցս յայտնուած էր, որ իսրայէլական յարձակողական անօդաչու սարքեր ու մարտական օդանաւեր կրնան գտնուիլ Ազերպայճանի տարածքին, որոնք կը պատրաստուին Իրանին հարուածներ հասցնելու»։