Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իվանեանի մէջ հանդիպում ունեցած են Արցախի եւ Ազերպայճանի ներկայացուցիչները

Արցախի պատուիրակութիւնը

Սեպտեմբեր 25-ին, Իվանեանի (Խոջալու) մէջ տեղի ունեցած է Արցախի եւ Ազերպայճանի ներկայացուցիչներու միջեւ երկրորդ հանդիպումը։

Արցախի կողմէ բանակցութիւններուն մասնակցած է խորհրդարանի «Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Մելքումեան եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Սերգէյ Մարտիրոսեան։ Ազերպայճանական պատուիրակութեան մաս կազմած են երեսփոխան Ռամին Մամետով եւ երկու այլ պաշտօնատարներ։

Ըստ ազերպայճանական աղբիւրներու, կողմերը քննարկած են մարդասիրական բնագաւառին առնչուող շարք մը հարցեր։ Հաղորդուած է, թէ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ։