Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՏԱԼԻԱ – Էտուարտօ Էռնեկեանին շնորհած են Ֆլորանսայի բանալիները

Իտալիոյ Ֆլորանսա քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը «Corporacion America Airports» ընկերութեան հիմնադիր, գործարար Էտուարտօ Էռնեկեանին շնորհած է քաղաքին բանալիները՝ ի պատիւ անոր ձեռնարկատիրական եւ մարդասիրական գործունէութեան։

Ֆլորանսայի քաղաքապետ Տարիօ Նարտելա նշած է, որ Էռնեկեան Արժանթինի եւ Իտալիոյ, ի մասնաւորի ֆլորանսայի միջեւ յարաբերութիւններու կենդանի վկան է։ “Ան մեծ ներդրումներ ունեցած է ոչ միայն մեր քաղաքի, այլեւ ամբողջ Իտալիոյ տարածքին՝ մասնաւորաբար օդակայաններու շինութեան ճամբով”,– ընդգծած է քաղաքապետը։

Էռնեgեան իր կարգին յայտնած է, թէ քաղաքի բանալիները ստանալը մեծ իրադարձութիւն է իրեն համար, քանի որ գործարար մարդիկ կը բանան դռները, շուկաներ մուտք կը գործեն եւ արտադրութեան միջոցով կը միացնեն մարդիկը, քաղաքները եւ ազգերը։

Արարողութեան ներկայ գտնուած է Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանուհի Ծովինար Համբարձումեան։ Ան իր եյոյթին նշած է, թէ Էռնեկեան իր ներդրումներու եւ մշակած ծրագրերու մէջ տեւաբար հետապնդած է Հայաստանի եւ աշխարհի միջեւ կամուրջներ կառուցելու եւ զանոնք ամրապնդելու հիմնական նպատակը: