ԻՏԱԼԻԱ – Միլանոյի մէջ տեղի ունեցած է «Վերածնունդ, 101 հայ բանաստեղծութիւն» հատընտիրի շնորհահանդէսը

Մարտ 22-ին, Միլանոյի «Հայ տուն» հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Վերածնունդ, 101 հայ բանաստեղծութիւն» գիրքին շնորհահանդէսը, զոր կազմած եւ թարգմանած է դեսպանութեան աշխատակից Մարիամ Երեմեան:

Գիրքի շնորհահանդէսի բացման խօսքին մէջ դեսպան Վլադիմիր Կարապետեան ներկայացուցած է հեղինակը եւ հակիրճ կերպով անդրադարձած է նախաձեռնութեան պատմութեան: Ապա Մ. Երեմեան պատմած է գիրքի ստեղծման գաղափարին մասին, անդրադարձած հայ բանաստեղծութեան զարգացման ուղիին եւ ընդգծած սոյն նախաձեռնութեան մշակութային նշանակութիւնը:

Ձեռնարկին մասնակցած են Միլանոյի հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, մշակոյթի գործիչներ եւ գրականութեան սիրահարներ:

Երեկոյթը եզրափակուած է մտերմիկ զրոյցով:

«Վերածնունդ. 101 հայ բանաստեղծութիւն 1890-1989» հատընտիրը կ’ընդգրկէ 19-20-րդ դարերու հայ բանաստեղծներու՝ Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Եղիշէ Չարենցի, Համօ Սահեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Գէորգ Էմինի, Պարոյր Սեւակի, Մետաքսէի, Ռազմիկ Դաւոյեանի՝ իտալերէնի թարգմանուած 101 ստեղծագործութիւն՝ վերջիններուս կեանքի մասին համառօտ ակնարկով:

Գիրքին յառաջաբանի հեղինակն է Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանի փրոֆ. Մարքօ Պայիս: