Մայիս 9-ին, Հռոմի Վալտեզէ եկեղեցւոյ մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարելիցին նուիրուած երեկոյթ մը, կազմակերպուած «ԱսոԱրմենի» (Assoarmeni) հայկական մշակութային միութեան կողմէ, դեսպանութեան հովանաւորութեամբ։
Ձեռնարկը սկսած է հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւններու ցուցադրութեամբ՝ ներառեալ Ժիրայր Օրագեանի նկարները, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած եւ Իտալիա ապաստանած էր։ Տեղի ունեցած է նաեւ գրող եւ լրագրող Լեթիցիա Լէոնարտիի «Աւրորա Մարտիկանեան. բռնաբարուած Հայաստան» գիրքին ներկայացումը, որուն ընթացքին հեղինակը լուսաբանած է Մարտիկանեանի կեանքը ցեղասպանութեան տարիներուն եւ անկէ ետք։
Երեկոյթին ներկայացուած են հայ դասական երաժիշտներու՝ Կոմիտասի, Եդուարդ Պաղտասարեանի, Աւետ Տէրտէրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի եւ Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւնները՝ դաշնակահարուհի Նաթալիա Պօղոսեանի եւ ջութակահար Ալեքսէյ Տուլովի կատարողութեամբ։
Ձեռնարկը աւարտած է Հայկ Ջուլհակեանի եւ Արտաշէս Մոսիկեանի դաշնակի ելոյթներով, որոնք Հայաստանէն Հռոմ ժամանած են՝ մասնակցելու «Օրպեթելլօ» դաշնակի մրցոյթին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։