Իրանի սահմանապահ գերատեսչութեան ղեկավար Ահմատ Ալի Կուտարզի կոչ ըրած է սահմանակից երկիրներուն կանխելու Իսրայէլի կողմէ իրենց տարածքները օգտագործելու փորձերը՝ իսլամական հանրապետութեան վրայ գրոհներու համար:
«Մենք ակնկալութիւն ունինք դրացիներէն, որ եթէ Իրանի դէմ յարձակողական գործողութիւններ իրականացուին իրենց տարածքէն, անոնք քայլերու պիտի ձեռնարկեն զանոնք դադրեցնելու համար: Սա յատկապէս կարեւոր է՝ հաշուի առնելով բարիդրացնութեան եւ բարեկամական յարաբերութիւնները, եւ որպէսզի մենք ստիպուած չըլլանք պատասխան միջոցներու ձեռնարկելու»,– Կուտարզիի խօսքը մէջբերած է Tasnim լրատու գործակալութիւնը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։