Ըստ իրանական Mehr լրատու գործակալութեան՝ Իրանի Աշխատանքի նախարարութեան միջազգային հարցերու բաժինի տնօրէն Համետ Ֆորուզան յայտարարած է, որ իր երկիրը Հայաստանի մէջ պիտի բանայ գործարարական կեդրոն մը:
Հայաստանի իր պաշտօնակցին հետ առցանց ժողովի մը ընթացքին՝ Ֆորուզան ըսած է, որ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան յուշագիր պիտի ստորագրուի՝ ծառայութիւններու եւ ապրանքներու արտադրութեան ու առեւտուրի ոլորտին մէջ երկու կողմի կարելիութիւններու բնորոշման համար:
Ֆորուզանի համաձայն՝ խնդրոյ առարկայ կեդրոնը պիտի բացուի Իրանի Աշխատանքի նախարարին՝ Երեւան կատարելիք այցի ընթացքին:
Իրանի ներկայացուցիչը նաեւ ընդգծած է իրանցի մասնագէտներու պատրաստակամութիւնը՝ թոշակառուներու եւ հաշմանդամներու ուղղուած ծառայութիւններու եւ ապահովագրական խորհրդատւութիւններու, թէքնիք եւ մասնագիտական հմտութիւններու ուսուցման կեդրոններու ստեղծման հարցին մէջ: