Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իրան հաւանական կը նկատէ Միջին Արեւելքի իրավիճակի բարդացումն ու այլ ճակատներու յառաջացումը 

 

Մաքրոն–Ռայիսի հեռաձայնային զրոյց

IRNA լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Հոկտեմբեր 15-ին, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ֆրանսայի իր պաշտօնակից Էմանիւէլ Մաքրոնի հետ, ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ։

Երկու ղեկավարները քննարկած են Կազայի մէջ տիրող ահաւոր կացութիւնը։

Իրանի նախագահի աշխատակազմի քաղաքական հարցերու ղեկավարի տեղակալ Մոհամատ Ճամշիտի այս կապակցութեամբ տեղեկացուցած է, թէ զրոյցի ընթացքին Իրանի նախագահը ընդգծած է, որ Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինցիներու դէմ շարունակուող պատերազմական յանցագործութիւններու և սպանութիւններու, ինչպէս նաեւ Կազայի շրջափակման լոյսին տակ, իրավիճակի բարդացման եւ այլ ճակատներու յառաջացման հաւանականութիւն կայ։