Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Իրաւաբան Սիրանոյշ Սահակեան. «Պաքուի մէջ հայ գերիները դաժանաբար կը ծեծեն, կը զրկեն սնունդէ եւ քունէ»

Մայիս 12-ին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանի մէջ հայ գերիներու իրաւունքները պաշտպանող փաստաբան Սիրանոյշ Սահակեանի եւ «Թաթոյեան» հիմնադրամի նախագահ Արման Թաթոյեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է միացեալ մամլոյ ասուլիս մը։ Սահակեան՝ Պաքուի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու  մասին հաղորդած է սահմռկեցուցիչ տեղեկութիւններ։

“Հայ գերիները դաժան ծեծի են ենթարկել։ Դրանց զուգակցուել են սնունդից, քնից զրկելու արարքները ու նաեւ նրանց ենթարկել են եղանակային պայմանների ազդեցութեան՝ պատճառելով յաւելեալ տառապանք, օրինակ՝ յատկապէս ցուրտ եղանակին արհեստականօրէն այնպիսի պայմանների մէջ են դրել, որ սառելու հետեւանքով առաւել տառապանք պատճառեն”։

Ըստ Սահակեանի՝ այս քաղաքականութիւնը շարունակուած է յատուկ ծառայութիւններու հսկողութեան տակ ու աւելի անմարդկային վերաբերում ցուցաբերուած է հայ գերիները պահելով այնպիսի վայրերու մէջ, ուր անոնց ազգային ինքնասիրութիւնը վիրաւորելու միջոցով ընդգծած են Ազերպայճանցիներու գերակայութիւնը հայկական ցեղային խումբին նկատմամբ։

Ան շեշտած է, որ ազերպայճանական կողմը նաեւ կը շարունակէ 2020 թուականի պատերազմէն ետք իր հսկողութեան ներքոյ գտնուող անձանց ընտանիքներու հանդէպ յաւելեալ տառապանք պատճառելու միտող յատուկ գործողութիւնները։

“Ռազմական կամ քաղաքացիան բժիշկները, որոնք առնչւում էին զինծառայողներին, բռնութիւն էին կիրառում։ Վերջին միջադէպերով ունեցել ենք բազմաթիւ վկայութիւններ, որ ռազմագերիներին յանձնել են քաղաքացիական անձանց։ Օրինակ՝ դէպի Բաքու տեղափոխուելիս կանգ են առել մի գիւղում, որտեղ արդէն հաւաքուած են եղել քաղաքացիներ ու ռազմագերուն, կառքից գլորելով, ցած են նետել նրանց առջեւ, որոնք բռնութիւն են գործադրել ու ծեծի ենթարկել գերիներին”,– մանրամասնած է իրաւապաշտպան Սահակեան։

Ան նշած է, թէ բժիշկները ռազմագերիներուն բժշկական օգնութիւն տրամադրելու տեսարաններ բեմականացուցած են, միջազգային կառոյցներուն ցոյց տալու համար, որ իբրեւ թէ մարդասիրական իրաւունքը չէ խախտուած։

 

Արման Թաթոյեան. «Ազերպայճանցիները ամրացած են Սիւնիքի մէջ, 

կրաշաղախէ ճամբաներ կը կառուցեն»

 

Իր կարգին, Արման Թաթոյեան անդրադառնալով Ազերպայճանի վարած հայատեաց քաղաքականութեան, հաղորդած է, որ Պաքուի իշխանութիւնները թիրախ ընտրած են ո՛չ միայն Հայաստան բնակող Հայերը, այլ նաեւ հայկական սփիւռքը։

“Ադրբեջանում մի նոր քաղաքականութիւն են վարում, իբրեւ թէ բացատրելով, որ ի՜նչ վնասակար ազդեցութիւն ունի հայկական սփիւռքը՝ Հայաստանում ու Արցախում ապրող Հայերի վրայ, որպէսզի վերջիններս ազատուեն, ինչպէս իրենք են ասում, այդ «քաղցկեղից»”,– նշած է Թաթոյեան։

Իրաւապաշտպանին համաձայն՝ Ազերպայճանի իշխանութիւնները նաեւ լայնօրէն կը տարածեն այն թեզը, թէ Հայերը Կովկասի մէջ եկուոր ու քոչուոր ժողովուրդ են: 

Անդրադառնալով Սիւնիքի իրավիճակին, Թաթոյեան հաղորդած է, որ Ազերպայճանցիները ամրացած են Սիւնիքի մէջ, նախկին փոքր շինութիւնները աւելի կ՚ամրապնդուին ու կ՚ընդարձակուին, կրաշաղախէ ճամբաներ կը կառուցեն, եւ իրենց նպատակն է տեղւոյն բնակչութիւնը մղել իր ապրած վայրը ձգելու եւ մեկնելու։

“Մարդկանց զրկում են ջրից, զաւթում են աղբիւրները, չեն թողնում, որ մարդիկ օգտագործեն իրենց հողերն ու արօտավայրերը”,– ըսած է ան։