Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Գրական-գեղարուեստական երեկոյթ՝ Ա. Հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձին առիթով

Հովանաւորութեամբ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեանի, Ազգային կեդրոնական վարչութիւնը Մայիս 28-ին, Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան սրահին մէջ կազմակերպած է գրական-գեղարուեստական երեկոյթ մը՝ նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 105-րդ տարեդարձին։

Ձեռնարկին սկիզբը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներու կատարողութեամբ՝ հնչած է Հայաստանի փառերգը, ապա ելոյթ ունեցած է կեդր. վարչութեան ատենադպիր՝ Պերճ Թիւֆէնկճեան:

Այս պանծալի օրուան առիթով, իր սրտաբուխ խօսքը արտասանած է նաեւ Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հաւատարմատար՝ Ալիկ Ղարիպեան:

Հոգեւոր ու Հայրենասիրական երգերով, արտասանութիւններով եւ երաժշտութեամբ՝ յայտագրին մասնակցած է երկսեռ երիտասարդութիւնը։ 

Հանդիսութիւնը աւարտած է Թեմի առաջնորդին օրհնութեան խօսքով: