Փետրուար 16-ին, ի տօնին Սրբոց Վարդանանց, հանդիսաւոր պատարագ մատուցուած է Իրաքի հիւսիսային շրջանի Աւզրուկ զուտ հայկական գիւղին մէջ:
Գիւղի Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով եւ հոծ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ պատարագը մատուցած է Թեմի առաջնորդ՝ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան: Յընթացս պատարագի կատարուած է աւանդական Հարիսայի օրհնութիւն, ապա Հայր Սուրբը Իրաքի Հայոց առաջնորդարանի անունով, արծաթեայ խաչով զարդարուած Աւետարան նուիրած է եկեղեցիին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորած եւ օրհնած է Վարդան եւ Ռազմիկ անունները կրող անձերը:
Յիշատակութեան արժանի է, որ գիւղի մուտքին՝ բնակիչները Հայր սուրբը դիմաւորած էին անսահման ուրախութեամբ եւ «դհոլ-զուռնայի» ոգեշնչող նուագներով: Ճաշէն յետոյ գիւղի բնակիչները, ինչպէս նաեւ մօտակայ շրջաններէն ժամանած հիւրերը մեծ խանդավառութեամբ ողջունած են Առաջնորդ Հայր սուրբին ներկայութիւնը իրենց մէջ:
Այս հոգեպարար միջոցառման մասնակցած են՝ Էրպիլի եւ Տհոքի հոգեւոր հովիւները, Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետը, Զախոյի, Հաւրէզքի եւ Տհոքի թաղական խորհուրդներու անդամներէն ոմանք:
Այցելութիւն Տհոքի նահանգապետարան
Նոյն օրը, Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան պաշտօնական այց կատարած է Տհոքի նահանգապետ՝ դոկտ. Ալի Թեթերին: Առաջնորդ Հայր սուրբին կ՚ուղեկցէին՝ Տհոքի հոգեւոր հովիւ Մասիս քհնյ Շահինեան, Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ՝ Վարդան Վարդանեան, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան եւ ներկայ թաղականութեան ատենապետ՝ Երուանդ Էմինեան:
Կողմերը մտերմիկ մթնոլորտի մէջ քննարկած են հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու միջեւ փոխյարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանին մէջ բնակող Հայոց կարիքներուն առնչուող հարցեր: