Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Վերանորոգուած է Մեյտանի Սուրբ Աստուածածին պատմական եկեղեցին

Իրաքահայ թեմի առաջնորդարանի տեղեկագրէն կ՚իմանանք, որ անցեալ Դեկտեմբեր եւ Յունուար ամիսներուն, պետական կազմակերպութեան մը օժանդակութեամբ՝ Մեյտանի Սուրբ Աստուածածին պատմական եկեղեցւոյ մէջ կատարուած են որոշ նորոգութիւններ: Եղած են ներքին եւ արտաքին բարեփոխումներ, նստարանները՝ ներկուած, եկեղեցին հինգ օդափոխիչներով օժտուած եւ այլն:

Այս առիթով, Մարտ 5-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագի աւարտին, բակին մէջ համեստ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցած է, ուրու ընթացքին Թեմի առաջնորդ Օշական վրդ. Կիւլկիւլեան շնորհակալագրեր բաշխած է օժանդակող կազմակերպութեան պատասխանատուներուն եւ  անդամներուն:

Այս ձեռնարկին մասնակցած է Հայաստանի դեսպանութեան հաւատարմատար՝ Ալիք Ղարիպեան։ Ներկայ եղած են Իրաքահայերու միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան, Եկեղեցապան մարմինի անդամներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը:

Նշենք, որ խօսքը կը վերաբերի Պաղտատի ամենահին թաղամասերէն մէկուն  մէջ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, որ կառուցուած է 1638-1639-ին, որ միեւնոյն  ատեն կը համարուի Իրաքահայ թեմի հիմնադրութեան թուականը: