Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լա Հէյի Արդարադատութեան ատեանը Յունուար 30-ին Բերձորի հարցով ունկնդրութիւններ ծրագրած է

 

Յունուար 30-31-ին, ՄԱԿ–ի Արդարադատութեան ատեանը, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ դատավարութեան ծիրին մէջ, ունկնդրութիւններ ծրագրած է՝ ապահովման միջոցներու վերաբերեալ։ 

Ատեանի այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ Հայաստանի ունկնդրութիւնները կը կայանան Յունուար 30-ին, իսկ Ազերպայճանինները՝ Յունուար 31-ին։

Նախապէս կողմերը դիմած էին Ատեանին` պահանջելով դատավարութեան ընթացքին լրացուցիչ ապահովման միջոցներ կիրարկել. Հայաստան յատկապէս կը պահանջէ պարտաւորեցնել ազերպայճանական կողմը բանալու Բերձորի միջանցքը եւ երկկողմանի ուղղութեամբ ապահովելու մարդոց, երթեւեկութեան միջոցներու և բեռներու ազատ տեղաշարժը։

Պաքու Երեւանէն կը պահանջէ դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տարածքներու ականապատման գործունէութիւնը եւ տեղեկութիւն տրամադրել ականներու եւ այլ պայթուցիկ սարքերու վայրին, քանակին, տեսակին եւ բնութագրերուն վերաբերեալ։