Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի հայ համայնքի երիտասարդաց միութիւնը բողոքի ցոյց մը կազմակերպած է։ Միութեան անդամ Լիլիթ Եդիգարեանի համաձայն՝ ցոյցը սկսած է Խորհրդարանի շէնքի մօտէն։ Այնուհետեւ ցուցարարները քալած են դէպի Լաթվիոյ մէջ Ռուսաստանի, Մեծն Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ դեսպանութիւններ եւ Մարդկային իրաւանց պաշտպանի կեդրոնը։ “Մեր գլխաւոր ուղերձն այն է, որ միջազգային հանրութիւնը կեցնէ նախայարձակ Ազերպայճանը եւ սատար հանդիսանայ Հայաստանին”,– ըսած է երիտասարդուհին։
Ցոյցի մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնած են Լաթվիոյ իշխանութիւններուն՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալնուն համար։
Աւարտին երիտասարդները յարգանքի տուրք մատուցած են զոհերու յիշատակին։