Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լեմքին հիմնարկ.– «Ազերպայճան Թուրքիոյ լիակատար աջակցութեամբ դանդաղ ցեղասպանութիւն կը գործէ հայութեան նկատմամբ» 

 

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը խստօրէն դատապարտած է Հայաստանի դէմ Ազերպայճանի վերջին յարձակման ընթացքին հայ զինուորականներու, յատկապէս բժշկական բաժնին մէջ ծառայող կիներու նկատմամբ գործադրուած վայրագութիւնները:

Իր յայտարարութեան մէջ հիմնարկը կոչ ուղղած է աշխարհի կառավարութիւններուն՝ դատապարտելու Ազերպայճանը։ Ան դիմած է նաեւ միջազգային լրասփիւռներուն հաւաստիօրէն լուսաբանելու թուրք-ազերպայճանական ահաբեկչական արշաւը։

Հիմնարկը ակնարկած է Թելեկրամեան ալիքներով սփռուած՝ հայ դիպուկահար Անոյշ Ապետեանի եւ հայ հիւանդապահուհի Իրինա Գասպարեանի մերկ եւ խոշտանգուած մարմիններուն հանդէպ կատարուած անասելի գազանութիւններու դրուագներուն՝ ուր զանոնք շրջապատող ազերպայճանցի զինուորները կը խնդան ու կը ծաղրեն հայ զոհերը։

«Ազերպայճանի գործած ոճիրներու՝ շարունակական ժխտման եւ միջազգային դատապարտման բացակայութեան պատճառով, ներկայիս կարելի չէ որեւէ հետաքննութիւն կատարել՝ պարզելու այս ռազմական ոճիրներու պատշաճ բնոյթը։ Պատերազմական ոճիրներու ապացոյցներու պահպանումը, որոնք կրնան ըլլալ նաեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն եւ/կամ ցեղասպանութիւն, անհրաժեշտ են հաշուետւութեան եւ կանխարգիլման համար: Հետեւաբար, մենք միջազգային հանրութեան կոչ կը յղենք շտապ հետաքննելու բոլոր ներկայ եւ անցեալ վայրագութիւնները:

Համացանցով սփռուած այս տեսանիւթերը կը յիշեցնեն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ցեղային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ «Իսլամական պետութեան» կիրարկած մարտավարութիւնը։

Եթէ ոեւէ մէկը կը կարծէ, որ այս վայրագութիւնները առանձին դէպքեր են, Լեմքին հիմնարկը կ՚ուզէ մատնանշել այդ գազանութիւններուն ահաբեկչական բնոյթը, որ կ՚առնչուի Ազերպայճանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ “Գորշ գայլեր” ահաբեկչական կազմակերպութեան հակահայկական քաղաքականութեան հետ»,– նշած են յայտարարութեան հեղինակները։

Լեմքին հիմնարկին կարծիքով Ազերպայճան ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ լիակատար աջակցութեամբ, Հայերու դէմ դանդաղ ցեղասպանութիւն կը գործէ։ Նման իրավիճակի մէջ Արեւմուտքի կոչերը Հայաստանին՝ Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հետ բանակցելու Արցախի կարգավիճակի, Սիւնիքէն անցնող միջանցքի եւ Ազերպայճանցիներու կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներուն շուրջ, անհեռատես են եւ վտանգաւոր։ 

«Կառավարութիւնները, կազմակերպութիւնները, ընկերութիւնները եւ հաստատութիւնները, որոնք կը շարունակեն աջակցիլ այս պետություններուն, մեղսակից են եւ պիտի շարունակեն մեղսակից ըլլալ այս դաժան ոճիրներուն, եթէ անոնք չփոխեն իրենց ընթացքը եւ բուռն կերպով չպայքարին անպատժելիութեան դէմ»,– ընդգծուած է յայտարարութեան եզրակացութեան մէջ։