Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լեմքին հիմնարկը կոչ կ՚ընէ Պայտընին, Շոլցին եւ Մաքրոնին լուրջ վերաբերելու Արցախի Հայերու դէմ ցեղասպանութեան սպառնալիքին

 

Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը  Թուիթըրի իր էջին տեղադրած գրառումով կրկին անդրադարձած է Բերձորի միջանցքի փակման հարցին։

«Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքին հիմնարկը կոչ կ՚ընէ աշխարհի մէջ իշխանութիւն ունեցողներուն, յատկապէս՝ նախագահ Ճօ Պայտընին, Գերմանիոյ վարչապեց Օլաֆ Շոլցին եւ նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոնին, լուրջ վերաբերելու Արցախի Հայերու դէմ ցեղասպանութեան սպառնալիքին։ Աշխարհ չի կրնար անգամ մը եւս թոյլ տալ Հայոց ցեղասպանութիւնը»,– նշուած է գրառման մէջ։