Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ. Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու հանդիպում

Մարտ 28-ին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները գումարած են ժողով մը՝ ՍԴՀԿ-ի Նոր Հաճնոյ կեդրոնին մէջ։

Առաջին առիթով հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անդրադարձած են Ազէրպայճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ շղթայազերծուած հակահայ ծրագրերուն՝ նոր տարածքներ բռնագրաւելու եւ Արցախը հայաթափելու միտող ներխուժումներուն ու գրգռութիւններուն։

Ժողովականները շեշտած են, որ անհրաժեշտ է համազգային ուժերու ամբողջական լարումով դիմակայել թուրք-ազէրպայճանական ծաւալապաշտական այս նոր ու վտանգաւոր մոլուցքը, եւ միջազգային բեմերէ՝ քաղաքական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքի ուշադրութեան առանցքը դարձնել հակահայ այս նոր ծրագիրը։

Ապա, ժողովը քննարկած է Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ծրագիրը։ Որոշուած է կազմակերպել պահանջատիրական երթ, ինչպէս նաեւ երիտասարդական-ուսանողական հսկում-հաւաք, Լիբանանի մէջ գործող բոլոր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու եւ միաւորներու մասնակցութեամբ։

Ժողովը առիթ հանդիսացած է նաեւ անդրադառնալու Լիբանանի քաղաքական կեանքի վերջին իրադարձութիւններուն եւ Մայիս 15-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններու օրակարգին։ ■