Ապրիլ 14-ի առաւօտեան, Լիոնի մէջ տեղի ունեցաւ Երեւան, Լիոն քաղաքներու եւ Լիոնի քաղաքակոյտի (métropole) միջեւ համագործակցութեան պայմանագրի վերանորոգման ստորագրութեան արարողութիւնը, Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի, Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէի, Լիոնի քաղաքակոյտի նախագահ Պրիւնօ Պերնարի եւ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Տիկին Նարինէ Նիկոլեանի ներկայութեամբ։
Եռամեայ համագործակցութեան համաձայնագիրը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ միատեղ նախաձեռնութիւններու իրականացման, քաղաքային կառավարման արդիւնաւէտ փորձառութիւններ բաժնելու, զարգացնելու մշակութային ու կրթական ծրագրեր, ինչպէս նաեւ ընդլայնելու միջազգային գործընկերութեան շրջանակը
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։