Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լոզանի պայմանագրին 100-ամեակին ընդառաջ՝ մասնագիտական խորհրդակցութիւններ Անթիլիասի մէջ

Արամ Ա․ Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Ապրիլ 22-24-ին տեղի ունեցած են խորհրդակցական նիստեր՝ յատկացուած «Լոզանի 100-ամեակին ընդառաջ» նիւթին։

Տարեսկիզբին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ կայացած հերթական նիստերուն ընդգծուած էր անհրաժեշտութիւնը Լոզանի պայմանագրին 100-ամեակին ընդառաջ նախապատրաստուելու՝ հիմնական երկու ուղղութիւն նկատի ունենալով.- առաջին, գտնել իրաւական այն ուղիները, որոնք Սեւր-Լոզան յարաբերակցութեամբ խնդրոյ առարկայ չեն դարձներ հայութեան պատմական իրաւունքները. երկրորդ, ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պահպանման առումով լուսարձակի տակ կը բերեն Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութիւնները։

Այս խորհրդակցական նիստերուն հրաւիրուած են Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (Գ.Ա.Ա.) պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան (յանձնախումբի անդամ), Գ.Ա.Ա.-ի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնի խորհրդական, ակադեմիկոս փրոֆ․ Ռուբէն Սաֆրաստեան, Գ.Ա.Ա. պատմութեան հիմնարկի Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական հարցի բաժնի վարիչ դոկտ․ Արմէն Մարուքեան, միջազգային օրէնքի մասնագէտ եւ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի դատի թղթածրարի պատասխանատու դոկտ․ Նորա Պայրագտարեան-Գապագեան, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան (յանձնախումբի ատենապետ), յանձնախումբի անդամներ՝ Կիրօ Մանոյեան, Շահան Գանտահարեան եւ Կաթողիկոսութեան հիմնադրամներու յանձնախումբերու քարտուղար-գործավար Ահարոն Շխրտըմեան։

Նկատի ունենալով հարցին քաղաքական ուղղուածութիւնն ու ներկայացուցած այժմէական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ համահայկական օրակարգի բնոյթը, Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով նիստերուն նաեւ մասնակցած են հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչները՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան։

Եռօրեայ նիստերուն ներկայացուած են մասնագիտական զեկուցումներ՝ պատմական, իրաւական եւ քաղաքական ուղղութիւններով։ Պատմաբաններու, իրաւաբաններու եւ Սփիւռքի հայ քաղաքական-հասարակական գործիչներու այս համատեղ քննարկումը նպաստած է առաջադրուած նիւթի արծարծման նախապատրաստական փուլի կայացման։

Մասնակիցները յատկապէս շեշտած են, որ ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, համազգային առումով, խիստ անհրաժեշտ են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք կը համախմբեն հայ գիտական եւ քաղաքական միտքի ներկայացուցիչները միատեղ քննարկեու պատմական ենթահող ունեցող եւ տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններն ու անոնց հաւանական հետեւանքները, թէ՛ հարաւային Կովկասի եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի մէջ։

Արամ Ա. իր խոր գոհունակութիւնը յայտնած է համախմբան երեւոյթին, միասնաբար խնդիրները քննարկելու պատրաստակամութեան եւ մանաւանդ իւրաքանչիւր ոլորտի տեսանկիւնէն խորքային ու որակեալ զեկուցումներուն, խորհրդակցութիւններուն եւ անոնցմէ բխած առաջարկներուն համար։

Համակողմանիօրէն անհրաժեշտ նկատուած է նման ձեւաչափով շարունակելու խորհրդակցական հանդիպումները։