Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լոյս տեսած է «Հայ Տերսիմ» պարբերականի առաջին թիւը

Տերսիմահայերու ինքնութեան պայքարը

«Ակօս».- Ընկերա-քաղաքական կամ գաղափարախօսական ամէն տեսակի հոսանքի համար անհրաժեշտութիւն մը եղած է պարբերական մամուլը։ Օրաթերթի, շաբաթաթերթի, ամսաթերթի հերթականութեամբ հրատարակուած այդ լրագրերը կամ հանդէսները, տուեալ հրատարակիչներու միտքն ու խօսքը ծաւալելու միջոցներ ըլլալով կը դիտուին։

1970-ական տարիներուն, այսինքն Պատմութեան առումով մօտ անցեալին, իսկ անհատական հաշուարկով կէս դար առաջ, Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը երբ փխրուն էր գաղափարական զանազան հոսանքներով, իւրաքանչիւր խմբակ ունէր նաեւ իր թերթը։

Ոչ միայն քաղաքական որոշ գաղափարի մը շուրջ մէկտեղուած խումբեր, այլ գրական եւ գեղարուեստական նոր հոսանքներ եւս կը հրատարակէին պարբերականներ, իրենց տեսութիւնը լսելի դարձնելու ձգտումով։

Դիւրաւ կարելի է ենթադրել թէ, յատկապէս գրական, մշակութային ու գեղարուեստական թեքումով մամուլը ունեցած է սիրողական բնոյթ եւ նիւթական դժուարութիւններու բերմամբ կարճատեւ եղած։

Յատկապէս վերջին տասնամեակներուն, երբ օրաթերթեր հետզհետէ կորսնցուցին իրենց լրատու յատկութիւնը եւ տպագրական ծախսերը գերազանց աճ ապրեցան, ա՛լ աւելի դժուարացաւ պարբերական մամուլի հրատարակութիւնը։

Այս դժուար պայմաններու մէջ է, որ իր առաջին թիւը հրատարակած է «Հայ Տերսիմ» պարբերականը, որ իր էջերուն մէջ կը հաւաքէ Մնձուրի լեռնաշխարհի պատմութեան, մշակութային ժառանգի եւ արդարութեան պահանջի վերաբերող նիւթեր։

Հայկական Բարձրաւանդակին մէջ գտնուելով հանդերձ ինքնիշխան դիմագիծը պահած Տերսիմ գաւառը չէ ենթարկուած նաեւ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան։

Անկախութեան ձգտումը շատ սուղ արժած է տերսիմցիներուն։ 1915-ի ցեղասպանութեան նոյն բնոյթով կրկնութիւնն է 1938-ին այդ նահանգին մէջ կատարուած զինուորական գործողութիւնը։ Հանրապետական իշխանութիւնը իբրեւ թէ ապստամբութիւն մը ճնշելու պատրուակին տակ փորձեց այս իւրայատուկ վայրին բնակչութիւնը հնազանդեցնել։ Զանգուածային կոտորածներուն յաջորդեցին պարտադիր տարագրութեան գործադրութիւններ։ Բազմահազար ղըզըլպաշ Ալեւիներ եւ Հայեր աքսորուեցան դէպի երկրին թրքաբնակ տարածքները։

Հազիւ վերջին տասնամեակներուն է, որ Թուրքիոյ քաղաքական միջավայրին մէջ կարելի եղաւ Տերսիմի ցեղասպանութեան մասին խօսիլ։ Այդ կարելիութենէն օգտուեցան նաեւ տերսիմահայերը, որոնք անցնող տարիներու ընթացքին մոռցած էին մայրենին, քրիստոնեայ հաւատքի յատկանիշերը, հայերէն մականունները եւ պահած միայն մէկ յատկանիշ՝ իրենց հայկական ծագումին մասին հաստատ հաւատքը։

«Հայ Տերսիմ» պարբերականը իր առաջին թիւի ներածականին մէջ կ՚ընդգծէ թէ հանդէսը նպատակադրած է հայկական ինքնութեան տեղեակ տերսիմցիները իրազեկ դարձնելու իրենց անցեալէն։

Սերքան Սարըաթաշի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող պարբերականը կը հրատարակուի Տերսիմի հայկական հարթակին կողմէ։