Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լոյս տեսած է Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ»-ի իտալերէն թարգմանութիւնը

Ճանչնալը սիրել է եւ սիրելը՝ ճանչնալ: Այս երկկողմանի յարաբերութեան միջոցով Գեղամ Ժամիլ Պոլոյեան երկար տարիներէ ի վեր, արեւելեան մշակոյթի գրութիւններու թարգմանութիւններով կը նպաստէ կամուրջներու կառուցման, որոնք կը քաջալերեն տարբեր մշակոյթներու միջեւ երկխօսութիւնը: Յանձնառութիւն մը, որ կ՚իրականանայ գիրքերով, դասախօսութիւններով, ձեռնարկներու կազմակերպութեամբ, բոլորն ալ առիթներ՝ խաղաղութիւն սերմանելու համար, որ յաճախ կը թունաւորուի անվստահութեան ծնունդ տուող անգիտութեամբ:

Գեղամ Ժամիլ Պոլոյեան

Այսպէս, Պոլոյեանի թարգմանութեամբ եւ համալսարանի դասախօս Գլօտիա Չերինիի խմբագրութեամբ լոյս տեսած է Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ»-ի իտալերէն թարգմանութիւնը։

Իտալական «Gazzetta dal Tacco»-ն այս առթիւ հրապարակուած յօդուածին մէջ կը նշէ.

«Պատահական չէ, որ “Անուշ”-ը, որ խորունկ գրութիւն մըն է, հայկական մշակոյթի հիասքանչ գանձարանը, ներշնչման աղբիւր դարձած է երաժիշտ Արմէն Տիգրանեանի երաժշտա-թատերական գործին համար: Գրքոյկին առաջին տողերէն իսկ կը նշմարուի այն հոգեւոր տարածքը, որուն միջոցով կեանքը կը դրսեւորուի, սակայն պէտք է ընդգծել հեղինակին ընտրութիւնը, որ առատօրէն կ՚օգտագործէ պարզ պատկերներ գիւղացիներու աշխարհէն, որոնց հետ կրնայ  երկխօսութիւններ ստեղծել: Յովհաննէս Թումանեան կը գրէ՝ պարզ ժողովուրդը փրկելու համար դատարկ գոյութեան պատրանքէն:

Գիրքին մէջ կան էջեր, որոնք կը բացուին դէպի գեղեցկութեան տեսարաններ, որոնցմէ կը յորդի իրական զգացումը եւ հրաւէրը՝ չկորսնցնելու ճշմարիտ արժէքները, ժողովուրդի մը ինքնութիւնը, միասնականութեան ուժը, որ կը դառնայ գործնական քայլ՝ ընթանալու համար Բարձրեալին ծարաւ հոգիին արահետներով: 

“Անուշ”-ին մէջ կը նշմարուի մտաւորականին ամբողջ արժէքը, անոր կապուածութիւնը իր ժողովուրդին, փարոս մը խորապէս արմատաւորուած հողին մէջ, որուն լոյսի ճաճանչը շոյանք մըն է, որ կրնայ հասնիլ հեռուները՝ անորոշութեան օրերուն: Ճառագայթող տիպար մը, օժանդակութիւն եւ սնունդ՝ հնարաւոր գոյութեան յստակ, քաղցր եւ խոր տեսլականի մը համար: Թումանեանի գրիչը գործիք մըն է օժանդակելու համար անոնց, որոնք արդարութեան քաղց եւ ծարաւ ունին եւ կ՚ուզեն ապրիլ եղբայրութիւնը՝ ծնրադրելով իրական սիրոյ առջեւ»: