Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Լրագրող Լինսէ Սնել.– «Հայ ռազմագերիները խոշտանգողներէն մէկը ունի թրքական շեշտ»

 

Ամերիկացի լրագրողուհի Լինսէ Սնել արձագանգած է հայ ռազմագերիներու խոշտանգման վերաբերեալ Ազերպայճանցիներու տարածած նոր տեսանիւթին:

«Եւրոպական Միութեան քաղաքական գործիչներուն համար՝ ազերպայճանցի զինուորներու կողմէ հայ ռազմագերիներու խոշտանգման սարսափելի տեսանիւթ մը եւս, որպէսզի անոնք թուիթըրեան էջերով իրենց խոր մտահոգութիւնը արտայայտեն, Ազերպայճանի կազի արդիւնահանման շուրջ Ալիեւի հետ հանդիպումներու ենթախորքին»,– գրած է ան թուիթըրեան իր հաշիւին։

Լրագրողուհին նաեւ նշած է, որ խոշտանգողներէն մէկը կը հայհոյէ ոչ թէ ազերպայճանական, այլ՝ թրքական շեշտով։