Սիւնիքի մարզ իր այցելութեան երկրորդ օրը, Մարտ 30-ին, Ֆրանսայի Օվերնեը–Ռոն Ալփի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Լօռան Վոքիէ Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախի հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերկեյ Ղազարեանի հետ։ Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին, ան նշած է, թէ միջազգային հանրութեան արձագանգը համապատասխան չի համարեր ազերպայճանական վայրագութիւններուն։ Ան անհրաժեշտ նկատած է Ազերպայճանի, Ալիեւի վարչակարգին դէմ պատիժներու կիրարկումը:
“Այն, ինչ տեղի կ՚ունենայ Արցախի մէջ բնական չէ, միջազգային հանրության արձագանգը չի համապատասխաներ այստեղ տեղի ունեցածին։ Մեր պատուիրակութեան 40 ադամները Սիւնիքի մէջ ականատես եղան տեղւոյն իրականութեան։ Այն վայրերը, ուր մենք այցելեցինք, յաջորդ օրը ազերպայճանական ուժերը եկած ու գրաւած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն հատուածներ”,– նշած է ան։
Վոքիէ նաեւ իր հիացումը արտարարայտած է Արցախցիներու նկատմամբ։ “Ես մոլորակի վրայ որեւէ այլ անկիւն չեմ ճանչնար, ուր 120 հազար հոգի կատարելապէս շրջափակուած է, աշխարհի վրայ որեւէ անկիւն չեմ յիշեր, ուր այս կարգի բարբարոսութիւն տեղի կ՚ունենայ”,– ըսած է Վոքիէ:
Մամլոյ ասուլիսին, Լօռան Վոքիէ նշած է, թէ Արցախի ճակատագիրը սերտօրէն կապուած է Սիւնիքի ճակատագրին հետ, իսկ Սիւնիքը Հայաստանի ամբողջականութեան բանալին է։
“Այդ պատճառով որոշեցինք համագործակցութեան համաձայնագիր ունենալ մեր շրջանի եւ Սիւնիքի մարզին միջեւ։ Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ շատ խորհրդանշական վայրի մը՝ Տաթեւի վանքին մէջ։ Համագործակցութիւնը կը վերաբերի առողջապահութեան, գիւղատնտեսութեան եւ կրթութեան ոլորտին։ Ես ըսի՝ ով որ յարձակի Սիւնիքի վրայ, կը յարձակի իմ շրջանին վրայ”,– ընդգծած է Վոքիէ։
Ան նաեւ իր հիացումը արտարարայտած է Արցախցիներու նկատմամբ։ “Ես մոլորակի վրայ որեւէ այլ անկիւն չեմ ճանչնար, ուր 120 հազար հոգի կատարելապէս շրջափակուած է, աշխարհի վրայ որեւէ անկիւն չեմ յիշեր, ուր այս կարգի բարբարոսութիւն տեղի կ՚ունենայ”,– ըսած է Վոքիէ:
“Սա վէճ չէ երկու պետութեան միջեւ, ուր սահմանները յստակացուած չեն, սա միջազգային բոլոր համաձայնութիւններով պաշտպանուած մարդկային իրաւունքներու լիակատար արհամարհանք է, կամք՝ ոչնչացնելու ժողովուրդ մը, անոր մշակոյթը, անոր պատմութիւնը, յիշողութիւնը։ Սա, ի հարկէ, Հայաստանի պայքարն է, Արցախի պայքարն է, բայց պայքար է նաեւ բոլոր արժէքներու, քաղաքակրթութեան եւ ժողովրդավարութեան համար։ Պաշտպանել ձեզ, կը նշանակէ պաշտպանել այդ բոլոր արժէքները”,– եզրափակած է Վոքիէ։