Խաչանովի զօրակցութիւնը՝ Արցախին

Թենիսի վարպետ ռուսահայ Կարէն Խաչանով իր զօրակցութիւնը յայտնած է Արցախին, Աւստրալիոյ Բաց մրցաշարքի զտման մրցումներէն մէկուն տարած յաղթանակէն ետք։

Արդարեւ, երրորդ շրջանին ան պայքար մղած է ԱՄՆ-ու ներկայացուցիչ Ֆրենսիս Թիաֆոյի դէմ եւ յաղթած՝ 4 սեթով (6:3, 6:3, 3:6, 7:6):

Հանդիպումէն յետոյ, ըստ աւանդութեան՝ խաղացողները տեսախցիկին վրայ գրառում կը թողեն։ Իր հայկական ծագումին շատ մօտիկ Կարէն Խաչանով ալ իր զօրակցութիւնը յայտնած է Արցախին՝ գրելով. «Արցախ, ամո՛ւր կեցիր»։