Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչները այցելած են Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներուն

 

Միջազգային Կարմիր Խաչի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցութեան ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունի տեղեկացուցած է, թէ Դեկտեմբերին Կարմիր Խաչի ներկայացուցիչները այցելած են Պաքու պահուող հայ ռազմագերիներուն, աւելցնելով, որ այդ ընթացքին գերիներուն առիթ տրուած է հեռաձայնել իրենց հարազատներուն եւ փոխանակել ձայնագրուած տեսաուղերձներ։