Ազգային ժողովի խորհուրդի Յունուար 13-ի օրակարգին ներառուած է 22 ընդդիմադիր երեսփոխանի լիազօրութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ Սահմանադրական դատարան դիմելու հարցը:
Ըստ Ազգային ժողովի հրապարակած յայտարարութեան, այդ երեսփոխաններն են՝ Իշխան Սաղաթէլեան, Աննա Գրիգորեան, Արմէն Ռուստամեան, Սեյրան Օհանեան, Էլինար Վարդանեան, Արծուիկ Մինասեան, Արգիշտի Գէորգեան, Քրիստինէ Վարդանեան, Գեղամ Մանուկեան, Աղուան Վարդանեան, Ագնեսա Խամոյեան, Անդրանիկ Թեւանեան, Աշոտ Սիմոնեան, Արմէն Չարչեան, Ասպրամ Կրպէեան, Արմենուհի Կիւրեղեան, Թադէոս Աւետիսեան, Արթուր Սարգսեան, Արթուր Խաչատրեան, Արեգնազ Մանուկեան, Գեղամ Նազարեան եւ Զեմֆիրա Միրզոյեան: Նշեալ անձերու բոլորն ալ «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխաններ են: