Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԿԻՊՐՈՍ. Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը Ազգային առաջնորդարանի մէջ

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 31-ին, թեմիս Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեան Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արթուր Մոսիեան, Արցախի Արտաքին գործոց փոխնախարար՝ Արմինէ Ալեքսանեանն ու Ազգային Ժողովի խորհրդատու անդամ՝ Կարէն Վանեան: Անոնց կ՛ընկերակցէին նաեւ Կիպրոսի Հայ դատի ատենապետ՝ Յակոբ Գազանճեան ու հայ դատի անդամներ:

Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթելէ ետք յայտնեց, թէ Կիպրոսի Հայ գաղութը միշտ Արցախի դատին ու ժողովուրդին հետ եղած է: Ան ամփոփ տեղեկութիւններ հաղորդեց Ազգային առաջնորդարանի ու անոր հովանիին ներքոյ գործող Ժողովներու եւ մարմիններու մասին: Հանդիպման ընթացքին Ազգային Ժողովի նախագահն ու պատուիրակութիւնը Սրբազան Հօր ներկայացուցին Արցախի մէջ տիրող ներկայ կացութիւնն ու իրենց տեսակէտները։

Նոյն օրը, երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանի «Վ. Իւթիւճեան» սրահին մէջ Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Թեմիս Երեսփոխանական ու Ազգային Ժողովներու ատենապետերուն ու անդամներուն հետ: Յաջորդաբար խօսք առին Սրբազան Հայրը, Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահն ու Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետը: Ապա ներկաներուն հարցումներուն պատասխանելով պատուիրակութեան անդամները անդրադարձան Արցախի այսօրուան իրավիճակին, ժողովուրդի դիմագրաւած դժուարութեանց, եւ հակառակ բոլոր տեսակի խոչընդոտներուն անոնց ապրելու, գոյատեւելու եւ արարելու կամքին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ 

2022 Յունիս 1