Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱԼԷՊ – Ֆէրման Թորոսլարի «Աքսոր» գիրքին հայերէնի թարգմանութեան շնորհահանդէսը

 

Հոկտեմբեր 10-ի երեկոյեան, Համազգայինի Սուրիոյ շրջ. վարչութեան կազմակերպած Մշակութային շաբթուան շրջածիրին մէջ տեղի ունեցած է Ֆէրման Թորոսլարի «Աքսոր» գիրքին հայերէնի թարգմանութեան շնորհահանդէսը։ Թարգմանութիւնը կատարած է «Գանձասար»-ի նախկին խմբագիր Մարի Մերտխանեան-Եարալեան։

Շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Ազգային միութեան ժողովրդական տան «Լեւոն Շանթ» մշակութային սրահին մէջ։

Գիրքը ներկայացուցած է «Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Չիլաբօշեան-Պօղիկեան։

Երեկոյթին ներկայ եղած են՝ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդի տեղապահ Մանուկ աբղ. Պարիխանեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոսութեան խորհրդական, հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան, Համազգայինի եւ հալէպահայ միութիւններու ներկայացուցիչներ։ 

Այս առիթով առցանց կապ հաստատուած է նաեւ Մարի Մերտխանեան-Եարալեանի հետ, որ գիրքին ու հեղինակին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տուած է։

Աւարտին խօսք առած է Առաջնորդին տեղապահը։

Շնորհահանդէսը ուղղակի սփռուած է «Երազ» ձայնասփիւռէն։