Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հալէպի հայկական վարժարանները վերսկսած են իրենց ուսումնական ընթացքը

 

Ինչպէս հաղորդած էինք, Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16-ին, Հալէպի հայկական վարժարանները կանոնաւոր դասաւանդութեամբ սկսած են իրենց ընթացքը։

Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէնուհի Զեփիւռ Ռէիսեանի համաձայն՝ աշակերտները ներկայ եղած են, բացականեր գրեթէ չեն եղած, իսկ ուսուցչական եւ վարչական կազմերը անցած են իրենց աշխատանքին։ Դասաւանդութիւնը սկսած է կանոնաւոր ձեւով։