Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հաճիեւ. «Փրակայի եւ Սոչիի փաստաթուղթերով Հայաստան ճանչցած է Ազերպայճանի ինքնիշխանութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ»

Ազերպայճանի նախագահի օգնական, Ալիեւի վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ ազերպայճանական լրասփիւռներուն տուած հարցազրոյցին խօսած է Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դրսեւորած «բարի կամքի» մասին, երբ վերջինս «հանդէս եկած է խաղաղութեան օրակարգով, հիմնուած՝ կողմերու մէկզմէկու հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ»։

“Նախագահ Իլհամ Ալիեւ բազմիցս ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրին շուրջ բանակցութիւնները եւ Ազերպայճանի ղարաբաղեան տարածաշրջանը բնակող հայ քաղաքացիներու հետ շփումները երկու բոլորովին առանձին հարցեր են։

2022-ին Ազերպայճան Հայաստանին ներկայացուցած է յայտնի 5 սկզբունքները, որոնք հիմք պիտի հանդիսանան խաղաղութեան համաձայնագրին համար, եւ որոնց հիմնական էութիւնը հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչումն է։ 2022 Հոկտեմբերին Փրակայի եւ Սոչիիի մէջ կայացած հանդիպումներուն Ազերպայճան եւ Հայաստան յայտարարած են, որ փոխադարձաբար կը ճանչնան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը՝ հիմնուելով 1991-ի Ալմաթիի հռչակագրին վրայ։

Ալմաթիի հռչակագրով նորանկախ պետութիւնները ճանչցած են վարչական սահմանները ԽՍՀՄ ժամանակներու նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու շրջանակին մէջ։ Հետեւաբար, Փրակայի եւ Սոչիի փաստաթուղթերով Հայաստան ճանչցած է Ազերպայճանի ինքնիշխանութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ”,– ընդգծած է Հաճիեւ։