Թրքական «Galatasaray» ֆութպոլի ակումբը ուզած է բանակցիլ Մոսկուայի «Dinamo»-ին հետ, վերջինիս 19-ամեայ կիսապաշտպան Արսէն Զախարեանը գնելու նպատակով։ Սակայն Զախարեան մերժած է հանդէս գալ թրքական խումբին մէջ՝ անձնական պատճառներով։
Մինչդեռ թրքական մամուլը կը պնդէ, որ հայ մարզիկը սկիզբը փափաքած է իր մարզական ասպարէզը շարունակել Թուրքիոյ մէջ, բայց իրեն ուղղուած սպառնալիքներու պատճառով ստիպուած եղած է հրաժարելու։
Թրքական լրասփիւռներու տարածած վերոյիշեալ տեղեկութիւնները կտրականապէս հերքուած են անձամբ Արսէն Զախարեանի եւ անոր ֆութպոլի ակումբի տնօրէններուն կողմէ։
Ի դէպ, թուրք մամուլը կը գրէր նաեւ թէ «Galatasaray» ակումբը չէ վհատած այս մերժումով եւ յատուկ բանագնաց մը ղրկած է Մոսկուա, համոզելու համար հայ երիտասարդը։