ՕԹԱՆ-ի նախկին ընդհ. քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն «Ֆիկառօ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ պատերազմի վտանգ կը տեսնէ։ Հայաստանի իշխանութիւնները եւս անդադար կը նախազգուշացնեն, թէ Ազերպայճան կը պատրաստուի Հայաստանի եւ Արցախի վրայ լայնածաւալ յարձակումի։ Զուգահեռաբար Հայաստանի վարչապետը կը խօսի նաեւ խաղաղութիւն կնքելու պատրաստակամութեան մասին։ Շատերու համար անհասկնալի է՝ ինչպէ՞ս կարելի է մէկ կողմէ զգուշացնել միջազգային հասարակութիւնը յարձակումի վտանգի մասին, միւս կողմէ խօսիլ՝ խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան։ Այս հարցումին «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութենէն Բաբգէն Թունեանի պատասխանը նշանակալից է. “Մենք խաղաղութեան օրակարգի մասին Ադրբեջանի հետ չենք խօսում, աշխարհի հետ ենք խօսում, որպէսզի հասկանալի լինի, որ մենք յարձակող չենք, պատերազմի չենք ձգտում, հակուած ենք կառուցողական երկխօսութեան եւ խաղաղութեան։ Խաղաղութեան մասին խօսելը չի նշանակում, որ պէտք է ձեռքներս ծալած նստենք եւ բանակի, սահմանների ամրութեան առումով ոչինչ չանենք”։ Ահա, Հայաստանի իշխանութեան դիրքորոշումը՝ խաղաղութեան տենչալ, միաժամանակ պատերազմի պատրաստուիլ։
Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի բարդութիւնը հասկնալու համար, կարեւոր է մօտէն ուսումնասիրել շրջանին մէջ ԱՄՆ-ու,– իբրեւ միջազգային հզօրագոյն պետութիւն,– ռազմավարական շահերն ու վարած քաղաքականութիւնը։ Յատկանշական է այս առթիւ Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի պատասխանը Մարտ 22-ին ԱՄՆ-ու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Պոպ Մենենտեսի պահանջին թէ՝ ԱՄՆ-ու Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի 907-րդ կէտին համաձայն, Ազերպայճանի տրուելիք 164 միլիոն տոլար ռազմական օգնութիւնը պէտք է կասեցուի, մինչեւ որ ան կարողանայ հաստատել, թէ Հայաստանի հետ իր վէճը կը լուծէ բացառապէս դիւանագիտական ճանապարհով։ Պլինքըն պատասխանած է, թէ «Ազերպայճան երկար սահման ունի Իրանի հետ, որ պաշտպանութեան կարիք ունի»։ Ընդգծած է նաեւ «գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը Ազերիներու, ԱՄՆ-ու եւ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն միջեւ, որովհետեւ Ազերիները կը մասնակցին խաղաղութեան պահպանումին»։ Այս վերջին տողին ետին պէտք չէ անտեսել Իսրայէլի անվտանգութեան պահպանման հարցը։
Իրանի սահմանակից ըլլալով՝ Ազերպայճանի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը մեծ է ԱՄՆ-ու արտաքին քաղաքականութեան համար։ Նոյնքան ալ կարեւոր է տարածաշրջանին մէջ իբրեւ ռուսական ներկայութեան դիմակայող ուժ։
Եւրոպական Միութեան համար եւս Ազերպայճան ռազմավարական գործընկեր է, կազ եւ քարիւղ արտադրող։
Այս պայմաններուն մէջ, շատ զարմանալի չեն Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւի յոխորտանքներն ու յարձակողական քայլերը, որոնց դիմաց Հայաստան ներկայ դրութեամբ հակադարձելու մեծ հնարաւորութիւն չունի, սակայն, Իրանի կողմէ զգալի են ռազմական լուրջ նախապատրաստութիւնները, ռազմափորձերը եւ քաղաքական ղեկավարներու կանխազգուշացումները։
Ազերպայճանի կողմէ Իրանի հիւսիային շրջանին «հարաւային Ազերպայճան» անուանումը եւս կարեւոր ցուցիչ է անոր Իրանի հանդէպ ունեցած թշնամական վերաբերումին, ինչպէս որ Հայաստանի համար ալ կը գործածէ «արեւմտեան Ազերպայճան» ու «արեւմտեան Զանգեզուր», իսկ Արցախի համար՝ «Ղարաբաղ» անուանումը, մերժելով միջազգայնօրէն ընդունուած Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը։
Իսկ Ռուսաստանի պարագան շատ աւելի երկդիմի է, նկատի առնելով Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հետ անոր ռազմավարական շահերը։ Իսկ Հայաստանի ղեկավարութեան Ռուսաստանի նկատմամբ,– իբրեւ ռազմավարական դաշնակից,– բռնած աւելի պահանջկոտ դիրքորոշումը եւ Արեւմուտքի հետ գործակցութեան համարձակ քայլերը, վերջինս դրած են նեղ կացութեան մէջ։
«Հրապարակ» լրասփիւռը, որ ռուսական աղբիւրներու մօտ է, տարածեց լուր մը, որ ռուս խաղաղապահ ուժերուն՝ կացութեան տէր ըլլալու անկարողութեան նշան է։ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կրկին Մոսկուա այցելած ըլլալով, վերադարձին, մերձաւոր շրջապատին ըսած է, որ պէտք է պատրաստուիլ երկարատեւ եւ կոշտ դիմադրութեան՝ կրակոցին կրակոցով պատասխանելու, մեծով-փոքրով զինուելու՝ պատրաստուելու յառաջիկայ պատերազմին։ Այս խօսքերը իրենց առաջին գործադրութիւնը ունեցան Մարտ 28-ին Արցախի մէջ ազերական դիրքերու յառաջխաղացքի փորձին կանխումով։
Ժ.Չ. ■