ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան գանձատրումով, ամերիկեան եւ հայկական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու գործակցութեան զարգացման շրջանակին մէջ, Հայաստանի պետական տնտեսագիտական համալսարանը (ՀՊՏՀ) եւ Ֆլորիտայի պետական համալսարանը Յուլիս 1-ին սկսած են աննախադէպ ծրագիր մը, որուն նպատակն է ԱՄՆ-ու փորձառութեան եւ հայկական ներուժի հիման վրայ խթանել STEM-ը science, technologie, ingénierie et mathématiques (բնագիտութիւն, արհեստագիտութիւն, ճարտարագիտութիւն, ուսողութիւն) եւ ընկերային ձեռնարկատիրութեան նորարարական կրթութեան զարգացումը Հայաստանի մէջ։
Այս առթիւ կազմակերպուած պաշտօնական հանդիսութեան մասնակցած են Հայաստանի մէջ ԱՄՆ-ու դեսպան Քրիսթինա Քվին, Ֆլորիտայի պետական համալսարանի Ճիմ Մորան ձեռնարկատիրութեան դպրոցի փոխտնօրէն, փրոֆ. Էրիկ Լիկորի եւ պատուոյ հիւրեր ԱՄՆ-էն։
Հանդիսութեան ընթացքին երկու համալսարաններուն միջեւ ստորագրուած է գործակցութեան պայմանագիր մը։
ՀՊՏՀ-ի տնօրէն Արմէն Գրիգորեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ընդգծած է. “սոյն համագործակցութիւնը կարեւոր փուլ մըն է Հայաստանի բարձրագոյն կրթութեան միջազգայնացման ճամբուն վրայ”։
Իր կարգին, դեսպան Քրիսթինա Քվին շեշտած է. “ԱՄՆ–Հայաստան ակադեմական գործակցութեան նոր էջ մը կը բացուի։ Մենք միասնաբար ներդրումներ կ՚ընենք այնպիսի հմտութիւններու ձեւաւորման ուղղութեամբ, որոնք պիտի դառնան մեր երկու երկիրներու յառաջընթացի եւ բարեկեցութեան շարժիչ ուժը”։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։