Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան Թուրքիա ղրկած է 27, Սուրիա՝ 29 փրկարար

 

Հայաստան Փետրուար 6-ի երկրաշարժէն տուժած երկիրներ ուղարկած է ընդհանուր թիւով 56 փրկարար:

Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցած են, թէ Թուրքիա ղրկուած է 27, իսկ Սուրիա՝ 29 փրկարար, զորս Երեւանէն ճամբած է Ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան։

Նշենք, որ փրկարարական ջոկատները արդէն տեղւոյն վրայ կը գտնուին։