Մայիս 20-ին Հայաստան ժամանած Իրանի Պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասիրզատէ յաջորդ օրը հանդիպում ունեցած է իր պաշտօնակից Սուրէն Պապիկեանի հետ։
Նախարարները բարձր գնահատած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ երկու երկիրներու միջեւ գործակցութեան մակարդակը։
Իրանի նախարարը անգամ մը եւս ըսած է, որ Թեհրանի քաղաքականութեան անփոփոխ սկզբունքներու շարքին են տարածքային ամբողջականութիւնը եւ տարածաշրջանային սահմաններու կայունութեան պահպանումը։
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան առնչուող շարք մը հարցերու։
Նոյն օրը զօրավար Նասիրզատէ հանդիպում ունեցած է վարչապետ Փաշինեանի հետ։
Նշենք, թէ Մայիս 20-ին Արցախի տարածքին ծայր առած են Ազերպայճանի եւ Իրանի միատեղ ռազմափորձերը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։