Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Լոյս տեսած է Նունէ Ալեքսանեանի «Սերկէյ Փարաճանով. յաւերժական շարժում» ժողովածուն 

Սերկէյ Փա­րաճա­նովի 100-ամեակին առ­թիւ ըն­թերցո­ղին ներ­կա­յացուած է «Սեր­կէյ Փա­րաճա­նով. յա­ւեր­ժա­կան շար­ժում» ժո­ղովա­ծուն, որ կը նե­րառէ արուես­տա­գէտի բա­րեկամ­նե­րուն, մեր­ձա­ւոր­նե­րուն յու­շե­րը, հար­ցազրոյցներ եւ փոր­ձագրու­թիւններ (էս­սէ) անոր մա­սին։

Գիր­քին շնոր­հա­հան­դէ­սը տե­ղի ու­նե­ցած է Մա­յիս 22-ին, Սեր­կէյ Փա­րաճա­նովի թան­գա­րանին մէջ։

Հա­տորին հե­ղինա­կը՝ լրագ­րող Նու­նէ Ալեք­սա­նեան, այս գիր­քին վրայ աշ­խա­տած է մէկ տա­րի, բայց 25 տա­րիէ աւե­լի լու­սա­բանած է Փա­րաճա­նովի արուես­տին նուիրուած հան­դի­պումներն ու ցու­ցա­հան­դէսնե­րը եւ կրցած է խո­րապէս ու­սումնա­սիրել մեծ բե­մադի­րին արուես­տը։

“Փա­րաճա­նով ծնած է Թիֆ­լիս, կրթուած Մոս­կուա, ապ­րած է Քիեւ, ապա՝ դար­ձեալ Թիֆ­լիս…, եւ անոր ամ­բողջ ժա­ռան­գութիւ­նը ռու­սե­րէն է։ Խոր­հե­ցայ, թէ անհրա­ժեշտ է կազ­մել ժո­ղովա­ծու մը, որուն մէջ պի­տի ամ­փո­փուին շատ կա­րեւոր նիւ­թեր։ Երբ կ՚ըսեմ կա­րեւոր նիւ­թեր, նկա­տի ու­նիմ Փա­րաճա­նովի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան սկզբունքնե­րը, գե­ղագի­տու­թիւնը, շար­ժա­րուես­տի մտա­ծողու­թիւնն ու գե­ղարուես­տա­կան աշ­խարհա­հայեաց­քը ամ­բողջաց­նող նիւ­թե­րը”,—շնոր­հա­հան­դէ­սին ու­նե­ցած իր ելոյ­թին ըսած է Ալեք­սա­նեան։

Հե­ղինա­կը առանցքա­յին նիւ­թե­րէն կը հա­մարէ Փա­րաճա­նովի «Յա­ւիտե­նական շար­ժում» փոր­ձագրու­թիւնը, զոր ան գրած է «Մոռ­ցուած նախ­նի­ներուն ստուեր­նե­րը» ֆիլ­մը նկա­րահա­նելէ ետք եւ զայն տպագ­րած է 1966-ին «Կի­նոյի արուես­տը» ամ­սագրին մէջ։ “Սա Փա­րաճա­նովի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան հան­գա­նակն է։ Անոր գե­ղագի­տական մօ­տեցումնե­րը, անոր սի­նեմա­յի առանձնա­յատ­կութիւննե­րը ամ­բողջա­ցած են այդ գոր­ծին մէջ, ուր ան առա­ջին ան­գամ շեշ­տադրուած պաշ­տօ­նապէս կ՚ար­ձա­նագ­րէ ի՛ր շար­ժանկա­րին մէջ գե­ղարուես­տա­կան պատ­կե­րին, գե­ղան­կարչու­թեան գե­րակա­յու­թեան սկզբունքը”,—նշած է հե­ղինա­կը։

Գիր­քին՝ «Գե­ղեց­կութեան գե­րին» գլու­խին տակ նե­րառուած են բե­մադիր­ներ Ռո­ման Բա­լայեանի, Սերժ Աւե­տիքեանի, Ալեք­սանդր Աթա­նէսեանի, Ատոմ Եղո­յեանի հետ հար­ցազրոյցներ։ Բա­ցի վեր­ջի­նէն, Ալեք­սա­նեանի բո­լոր զրու­ցա­կից­նե­րը եղած են Փա­րաճա­նովի եր­կա­րամեայ գոր­ծընկեր­ներն ու բա­րեկամ­նե­րը, որոնք ակա­նատես­նե­րը հան­դի­սացած են անոր կեան­քի դժուար եւ ու­րախ օրե­րու իրո­ղու­թիւննե­րուն։ “Այս հար­ցազրոյցնե­րը կա­րեւոր էին փաս­տեր ար­ձա­նագ­րե­լու հա­մար, նկա­տի ու­նե­նալով, որ Փա­րաճա­նովի անու­նին շուրջ կը գե­րակա­յէ առա­ւելա­բար «առաս­պե­լական»-ը, քան իրա­կանու­թիւնը։ Կան նաեւ արուես­տի մեծ գոր­ծիչնե­րու, դե­րասան­նե­րու, երա­ժիշտնե­րու, բժիշկնե­րու յուշերը Փարաճանովի մասին, զորս ներառած եմ երրորդ գլուխին մէջ, որ կը կոչուի «Յիշելով Փարաճանովը»”,—պատմած է Նունէ Ալեքսանեան եւ աւելցուցած, թէ հետաքրքքրական են նաեւ այն նիւթերը, ուր Փարաճանով կը խօսի իր հայկական արմատներուն, ինքնութեան մասին, եւ հասկնալի կը դառնայ, որ ան անտեսանելի թելերով կապուած եղած է Հայաստանին, հայ ժողովուրդին, հայ մշակոյթին։

Գրող, շարժարուեստի մասնագէտ եւ արուեստի գործիչ Դաւիթ Մուրադեան ըսած է, թէ Փարաճանով այս գիրքին մէջ արթուն է, կը զգացուի անոր կենդանի ներկայութիւնը։ “Ես անոնցմէ մէկն եմ, որ պատիւն ու բախտն ունեցայ Փարաճանովը ճանչնալու։ Այս գիրքէն նոյնիսկ կը լսուի անոր ծիծաղը։ Այդքան դժբախտութիւններու ընդմէջէն անցած մարդը ունէր ծիծաղելու տաղանդ, ինչ որ կը նշանակէ, որ ունէր հոգիի ահաւոր ուժ։ Տեսնել բանտը, զգալ հալածանքները, ծանր հիւանդութիւնը եւ ծիծաղիլ՝ բացառիկ բան մըն է”,– ընդգծած է ան։

«Սերկէյ Փարաճանով՝ յաւիտենական շարժում» գիրքը հրատարակած է «Վերնատուն»-ը։