Փետրուար 8-ին, Ազգային ժողովը այս անգամ «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան բժիշկ Արմէն Չարչեանը զրկած է երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն։ Ժողովը համաձայնութիւն տուած է, որ ենթակայի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուի, անսալով գլխաւոր դատախազի դիմումին։