Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է 20-ամեայ հայ զինուոր մը

Սեպտեմբեր 5-ի երեկոյեան, հայ-ազերպայճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածի մարտական դիրքի պաշտպանութեան ընթացքին, սկզբնական տուեալներով՝ հակառակորդի արձակած կրակոցէն զոհուած է 20-ամեայ հայ զինուոր մը: Լուրը հաղորդած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։