Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մահացած է երգիչ Հայկօն

Սեպտեմբեր 29-ին կեանքին հրաժեշտ տուած է երգիչ Հայկօն (Հայկ Յակոբեան)։ Ան վարակուած էր պսակաձեւ ժահրով եւ արդէն քանի մը օրէ ի վեր ծանր վիճակի մէջ կը գտնուէր Երեւանի Միքայէլեան հիւանդանոցը։

Հայկ Յակոբեան ծնած է 1977 Օգոստոս 25-ին, Երևան: Յաճախած է «Տ. Չուխաճեան» եւ «Ռ. Մելիքեան» երաժշտական ուսումնարանները։ Շրջանաւարտ է Երևանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցէն: Մասնակցած է բազմաթիւ փառատօներու եւ շահած է մրցանակներ։

2007-ին, «Anytime you need» երգով ներկայացուցած է Հայաստանը «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին եւ գրաւած 8-րդ տեղը։

Մենահամերգներով հանդէս եկած է տարբեր երկիրներու բեմերէն։ Հեղինակած է կարգ մը ֆիլմերու երաժշտութիւններ, ինչպէս՝ «Սպանուած աղաւնի», «Խաչագողի յիշատակարանը», «Գարեգին Նժդեհ», «Վանայ ծովուն արշալոյսը» եւ այլն։ Հրապարակած է ձայնասկաւառակներ եւ շուրջ 20 տեսահոլովակներ։