Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան չէ մասնակցած ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Զելենսքիի տեսաուղերձի հարցին քուէարկութեան

 

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր համաժողովի բարձր մակարդակի նստաշրջանի շաբթուան առթիւ Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Կազմակերպութեան դիմած է տեսաուղերձ յղելու համար, բան մը որ Կազմակերպութեան ընկալեալ կանոնակարգէն դուրս ըլլալով, դրուած է քուէարկութեան, որու ընթացքին Չինաստան, Իրան, Պրազիլ եւ շարք մը այլ երկիրներ ձեռնպահ մնացած են:

Համաժողովը քուէարկած է Ուքրաինայի նախագահի դիմումին ի նպաստ։

Որոշումը ընդունուած է պարզ մեծամասնութեամբ, այսինքն ձայները հաշուելու ժամանակ նկատի չեն առնուած չքուէարկողներն ու ձեռնպահներու քուէները։ Ի վերջոյ 101 պետութիւն թեր քուէարկած է, եօթը (Ռուսաստան, Գուպա, Պելառուս, Էրիթրիա, Հիւսիսային Գորէա, Նիքարակուա, Սուրիա) դէմ արտայայտուած են։

Ձեռնպահ 19 երկիրներու կարգին եղած են՝ Չինաստան, Պրազիլ, Իրան, Իրաք, Փաքիստան, Հարաւային Ափրիկէ։

Չքուէարկողներու կարգին են՝ Վիեթնամ, Հայաստան, Քիրկիզստան, Տաճիկիստան, Թիւրքմէնիստան, Ազերպայճան։

Որոշումին թեր քուէարկած են՝ ԱՄՆ, Մեծն Բրիտանիա, Գերմանիա, Վրաստան, Հնդկաստան, Լաթվիա, Լիթուանիա, Մոլտաւիա, Ֆրանսա, Ուքրաինա, Էսթոնիա եւ այլն։