Յունիս 17-ին, գործարար, բարերար (յատկապէս՝ Մայր Աթոռի) Սամուէլ Կարապետեան յայտարարած է, թէ փոքրիկ խումբ մը՝ մոռնալով հայոց պատմութիւնը եւ Հայ եկեղեցւոյ հազարաւոր տարիներու պատմութիւնը, յարձակած է Հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին վրայ։
“Ես միշտ եղել եմ հայոց եկեղեցու եւ հայ ժողովրդի կողքին։ Եթէ քաղաքական գործիչներին չյաջողուի, ապա մենք մեր ձեւով ենք միջամտելու եկեղեցու դէմ արշաւին”,– ըսած է ան:
Սոյն յայտարարութեան տարածումէն քանի մը վայրկեան ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հետեւեալը գրած է ընկերային ցանցի իր հաշիւին.
«Պոռնկաբարոյ “հոգեւորականներ”-ն ու նրանց պոռնկաբարոյ “բարեգործներ”-ը ինչո՞ւ են ակտիվացել։ Ոչինչ՝ նորից կը պասիվացնենք։ Ընդ որում՝ ընդմիշտ»։
Նոյն յետմիջօրէին յատուկ ջոկատայինները խուզարկած են Կարապետեանի Երեւանի բնակարանը, ըստ երեւոյթին փորձելով զայն ձերբակալել, բայց չեն յաջողած։ Ապա, մեծ մասամբ երիտասարդներէ բաղկացած բազմամարդ խումբ մը եկած ու դիրք գրաւած է Կարապետեանի բնակարանին առջեւ, զայն պաշտպանելու համար։ Ըստ իշխանութեան մօտիկ շրջանակներու՝ անոնք ընդհանրապէս Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոբերտ Քոչարեանի կողմէ ղրկուած թիկնապահներ են։
Սամուէլ Կարապետեանի յայտարարութիւնը հրապարակած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի մամլոյ ծառայութիւնը.
«Հայ ժողովրդի սրբութիւնների համար պայքարելու եմ իմ ողջ ուժով, ուր էլ լինեմ, ինչ էլ որ լինի։
Թոյլ չեմ տալու, որ ոեւէ մէկը, իր որեւէ նպատակը հետապնդելով, յօշոտի մեր սրբութիւնները»:
***
Իրիկուան ժամերուն Սամուէլ Կարապետեան՝ ռուսական RT լրասփիւռին մեկնաբանելով ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ զինք ձերբակալելու փորձը, յայտնած է. “Ուզում էին շօու անել ու ինձ ձերբակալել, իսկ մարդիկ, հասարակ մարդիկ ովքեր հաւաքուել էին բակը, հակահարուած տուեցին”։
Կարապետեան նշած է, թէ այժմ իր տունը շրջափակուած է ոստիկաններու կողմէ։
«Քիչ առաջ յայտնի դարձաւ, որ Հայոց եկեղեցուն աջակցութիւն յայտնելուց անմիջապէս յետոյ իրաւապահ մարմինների կողմից փորձ է կատարուել ձերբակալելու ազգային բարերար Սամուէլ Կարապետեանին, եւ այս պահին խուզարկւում է նրա տունը։
Խստօրէն դատապարտում ենք ակնյայտ քաղաքական շարժառիթներով պայմանաւորուած հետապնդումը։ Յորդորում ենք ՀՀ իշխանութիւններին անյապաղ դադարեցնել ապօրինի գործողութիւնները»։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարած է, թէ «Ռուսաստան ուշադիր կը հետեւի Կարապետեանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին, որուն տարօրինակ պատրուակներով Երեւանի մէջ կը սպառնան ձերբակալել»։ Զախարովա աւելցուցած է. “Ռուսաստանի քաղաքացի Սամուէլ Կարապետեանին մենք անհրաժեշտ աջակցութիւնը կը ցուցաբերենք, որպէսզի անոր բոլոր իրաւունքները յարգուին”։
***
Վարչապետը, եկեղեցական որոշ շրջանակներու դէմ մղած պայքարէն անդին, իր բառամթերքին ուղղուած քննադատութիւններուն պատասխանելով՝ Դիմագիրքի իր էջին գրած է.
«Նախկինում հնչած քննադատութիւնները հաշուի առնելով, պոռնկացած բարձրաստիճան հոգեւորականների մասին խօսելիս օգտագործելու եմ բացառապէս “Կանոնագիրք հայոց”-ի բառապաշարը։
“Կանոնագիրք հայոց”-ը Հայ առաքելական եկեղեցու դարերով ձեւաւորուած վարքականոնների ժողովածուն է։ Դրանում է գրուած, որ պոռնկացած (արք)եպիսկոպոսը, տուեալ դէպքում Արշակ “սրբազանը”, պէտք է կարգալոյծ արուի։
Նկատի ունեմ, հէնց այդ բառերով է գրուած մեր Եկեղեցու կանոնների ժողովածուի մէջ։ “Կանոնագիրք հայոց”-ի բնորոշմամբ է Արշակ “սրբազանը” պոռնկաբարոյ (խօսքը՝ Ս. Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեանի մասին է, որ յատկապէս վերջերս իշխանութեան եւ ի մասնաւորի Փաշինեանի հասցէին ամբաստանող յայտարարութիւններով հանդէս եկած է – «ՆՅ»)։
Սպասենք Կտրիճ Ներսիսեանի (իմա՝ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի – «ՆՅ») արձագանգին, որ իրեն նոյնպէս բնորոշենք միայն ու միայն “Կանոնագիրք հայոց”-ի սահմանումներով։ Էլ ո՛չ մի դոմփել (սեռային յարաբերութիւն – «ՆՅ»)»։
* * *
Յունիս 18-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն կը հաղորդուէր, թէ Սամուէլ Կարապետեան ձերբակալուած է։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։