Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՖՐԱՆՍԱ – Հայաստանի փոխվարչապետը հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույոյի հետ

Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Խաչատրեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի դեսպանուհի Անն Լույոյի հետ։ Ան յայտնած է, թէ  կառավարութիւնը բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի հետ տնտեսական համագործակցութիւնը զարգացնելու եւ ընդլայնելու կապակցութեամբ: Խաչատրեան շեշտած է նաեւ ֆրանսական կողմի օժանդակութեան կարեւորութիւնը՝ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու օրակարգին, մատնանշելով ֆրանքեւհայկական տնտեսական համագործակցութեան 2021-2026 թուականներու ճանապարհային քարտէսի դրոյթներու գործադրման ուղղուած հետեւողական աշխատանքներու հրամայականը:

Դեսպան Լույօ, անդրադառնալով Հայաստանի տնտեսութեան բնագաւառին մէջ ֆրանսական կազմակերպութիւններու ներկայութեան, յայտնած է Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու աջակցութիւնը թէ՛ կարճ եւ թէ՛ երկար ժամանակի ծրագրերուն՝ ռազմավարական բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ:

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական իրավիճակին եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող նախագծերու ուղղութեամբ համագործակցութեան զարգացման կարելիութիւններուն: